2013-05-19 13:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապը` Ընտանիքներու Ճակատագիրը Աւելի Կարեւոր Է Քան Դրամատուներուն ''Հաշուեկշիռը''։


Հոգեգալուստի տօնին առթիւ կիրակի 19 մայիսի առաւօտեան ժամը 10,30 ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն մասնակցեցան 150 Եկեղեցական շարժումներ եւ աշխարհական նոր խմբակցութիւններ իրենց 200 հազարէ աւելի անդամներով, որոնք 18 եւ 19 մայիսին հռոմի մէջ նշեցին` Հաւատոյ տարուայ առթիւ իրենց յատկացուած օրը։
Շաբաթ 18 մայիսի երեկոյեան սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկում Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ Ան խրախուսեց քրիստոնաեները հաւատքի քաջութիւն ունենալու եւ կառուցելու հանդիպումի մշակոյթ մը օգնութեան հասնելով մերձաւորին ու մանաւանդ ընտանիքներուն որոնց ճակատագիրը աւելի կարեւոր է քան դրամատուներուն ''հաշուեկշիռը''։
Հսկումի արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ հաւատքի մասին` զանազան անձնաւորութիւններու վկայութիւններ որոնց շարքին էր նաեւ Փօլ Պհաթթի­ ծայրայեղ Իսլամներու ձեռքով սպաննուած` Փաքիստանի փոքրամասնութիւններու երբեմնի նախարար` Շահպազ Պհաթիի եղբայրը ։
Ապա Սրբազան Հօր ուղղուեցան հաւատքի մասին չորս հարցումներ որոնցմէ առաջինը անմիջականօրէն կը հայեր Սրբազան Հօր ու անոր ստացած դաստիարակութեան։ ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն պատմեց թէ իրեն հաւատքը փոխանցողը եղած է իր մեծ մայրիկը։ Միւս հարցումները եղան. ի՞նչպէս կարելի է հաւատքը հաստատակամ կերպով փոխանցել այսօր։ Ի՞նչպէս կարելի է ապրիլ աղքատ Եկեղեցի մը աղքատներու համար եւ ի՞նչպէս կարելի է դիմագրաւել այսօրուայ տագնապը։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց թէ ''Աւետարանը ապրիլը առաջին քայլն է այս բոլորին որպէս պատասխան` հաստատելով թէ Եկեղեցին քաղաքական շարժում մը չէ եւ ոչ ալ հաստատութիւն մը այլ` ինչպէս կ՛ըսէ Յիսուս ''ան երկրի աղն է եւ աշխարհի լոյսը'' ու կանչուած է հասարակութեան մէջ հաստատելու Աստուծոյ Արքայութեան թթխմորը, եղբայրական սիրոյ վկայութեամբ, զօրակցութեամբ եւ բաժնեկցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.